ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մարդը իր արտաքին տեսքով դատող, անոր մասին կարծիք կազմող եւ նաեւ բացայայտ արտայայտուող անձեր չեն պակսիր մեր շրջապատին մէջ: Անոնք բոլորն ալ նախապաշարումներով սնած ու մեծցած, իրենց սեփական եսին վրայ ալ կասկածով նայող անհատներ են ընդհանրապէս, որոնք իրենց անձնական թերութիւններն ու սխալները մոռցած, լայն ժամանակ կը տրամադրեն ուրիշներուն, սակայն ո՛չ թէ նպաստելու անոնց վերելքին, այլ՝ ընդհակառակը՝ վայրէջքին, այսինքն զանոնք ձախողեցնելու ստոր փորձերուն:
Խղճալի այս էակներուն արտաքին տեսքն ալ երբեմն տհաճ կ՛ըլլայ, ինչ որ զիրենք հոգեւին կ՛ընկճէ: Ներքին տագնապ մըն է այս, որ շուտով մղձաւանջի կը վերածուի, մանաւանդ երբ սոյն խեղճերը իրենց «լաւագոյնը» ի սպաս կը դնեն, կարելի եղած հանդիսաւորութեամբ «կը բեմադրեն» զանոնք թատերական գունաւորումներով, սակայն դժբախտաբար մասնաւոր արդիւնքի չեն հասնիր:
Փորձառութիւնը մեծապէս կ՛օժանդակէ այս արարածներուն, որոնք երկա՜ր տարիներու ընթացքին իրենց կիրարկած ապարդիւն աշխատանքը «իմաստաւորելու» նոր ճիգով մը, կը ջանան նոր դիմագծով ներկայանալ հանրութեան. օրինակ, երկիր փոխելով, նոր միջավայրի մէջ գործ ստանձնելով, ուր այնքան ալ զիրենք մօտէն ճանչցողներ չեն գտնուիր: Ասոնք, իրենց սովորական կոպիտ ու վիրաւորող լեզուն յանկարծ մեղրի շիշին կը թաթխեն, բոլորը «եղբայր» ու «քոյր» կը սկսին անուանել, եւ ճանչուորին թէ անծանօթին հետ բարեկամական համբոյրներով ու ողջագուրումներով, բոլորին ուշադրութիւնը կը փորձեն գրաւել:
Զարմանալի այլ երեւոյթ մը յանկարծ կը զուգորդուի վերոյիշեալներու կազմակերպած թատրոնին. այն՝ որ իրենց միջավայրին մէջ ցարդ շատ խորամանկ համարուած անձեր, անակնկալօրէն ասոնց լարած թակարդին մէջ կը բռնուին…: Տասնամեակներ ամբողջ ուրիշներուն սանձերը իրենց ձեռքին մէջ ունեցած եւ զանոնք աջ ու ձախ ուղղորդած հեղինակաւոր անձեր, յանկարծ «չորս ոտքով» կ՛իյնան նման ժպտադէմ դիմակներով ներկայացող կեղծ մարդոց թակարդին մէջ, փրկուելու ամէն յոյս կորսնցնելով…: Այս վերջինները, վերոնշեալ հտպիտի արագաշարժութիւններով հմայուած, յանկարծ կը մանկանան ու կ՛անմեղանան, անով գինովցած ըլլալու տպաւորութիւնը թողելով շրջապատին վրայ:
Հոգեբանութիւնը վերլուծած է ցարդ մարդկային հոգիի գրեթէ բոլոր արտայայտութիւնները եւ դրսեւորումները: Հոգեբաններ երեւոյթներէն դատելով, կրնան խմբաւորել խնդրոյ առարկայ ենթակաները, այս կամ այն հոգեկան տագնապի վերնագրին տակ դնելով անոնց ինքնութիւնը: Առ այդ, ուրիշներով զբաղելու եւ անոնց կատարած աշխատանքը քննադատելու փորձութեան մատնուողները, հոգեբանութիւնը դասակարգած է ինքնավստահութեան պակաս ունեցող ենթականերու գլխակարգման տակ: Բոլոր անոնք, որոնք ինքնավստահութեան պակասի բարդոյթէ կը տառապին, իրենց թերութիւնները ուրիշներու վրայ նկարուած կը տեսնեն…: Այսպէս, եթէ իրենք հասակով կարճ են ու տգեղ, բնական մղումով կը տարուին կարճ ու տգեղ տեսնել ու որակել իրենց հակառակորդները, որոնք կրնան հասակաւոր ու գեղադէմ ըլլալ: Զիրենք լսողները զարմացած կը նային, եւ երբ ստուգումի համար հարց տան անոնց իրենց լսած խօսքերուն մասին, հոգեպէս վիրաւոր այս անձերը հազարումի փաստեր կը բերեն իրենց ըսածը հաստատելու համար, աւելի խղճալի դարձնելով, արդէն իսկ խորտակուած իրենց ինքնութիւնը:
Նախապէս յաջողելու փորձեր կատարած ըլլալով, այս ձախողած ողորմելիները երբ կը տեսնեն նոյն ասպարէզին մէջ ուրիշի մը արձանագրած յաջողութիւնը, յանկարծ բծախնդիր սրբագրիչի մը գրիչը փոխ կ՛առնեն: Անոնք քննութեան մանրազնին աշխատանք կը կատարեն, խոշորացոյցի տակ բերելով ամէն մանրամասնութիւն: Բախտը երբեք չի՛ ժպտար այս դժբախտներուն, որովհետեւ դժբախտութիւնը ցանողը՝ դժբախտութիւն ալ կը հնձէ:
Վերոյիշեալ բոլոր օրինակները կը հաստատեն, որ տուեալ ենթակաները իրօք կը տառապին ինքնավստահութեան պակասէ: Սա այնպիսի թերութիւն է, որ տուեալ ենթական շրջապատին մէջ բարեկամ ու ծանօթ չի՛ ճանչնար: Այսինքն՝ ինքնավստահութեան պակասէ տառապողը, նոյնիսկ պատրաստ կ՛ըլլայ քննադատելու, հարուածելու եւ կամ չէզոքացնելու իր ամէնէն մօտիկ անձերը, որոնց յառաջդիմութիւնը չի՛ տագնապի կը մատնէ զիրենք:
Իսկական ընկեր կամ բարեկամ եղող անձերը, առակագիրները կը նմանցնեն աստղերուն, որոնք ցերեկը չեն երեւիր, սակայն կան, երկնակամարին վրայ են. իսկ երբ մութ է քու կեանքդ ու տխուր, անոնք շուտով կը յայտնուին, միշտ քեզի հետ ըլլալու, ցաւդ բաժնեկցելու եւ զօրավիգ կանգնելու քեզի…: Իսկապէս մարդս կարիք չունի կեղծ ու դաւաճան «ընկերներ»ու, որոնք ինքնավստահութեան պակասի հիւանդութեամբ բռնուած, ամէն օր ծրագիր մը ունին մեզի համար պատրաստուած, եւ այն՝ մեր չիմացած պահուն, մեր քունի ժամանակ, երբեմն ալ՝ հեռու երկինքներու տակ:
Ինքնավստահութեան պակասի տխուր հետեւանքները, ամէնէն շատ ինքնավստահութեան պակաս ունեցողը կը կրէ: Մնացեալները, որոնք անոր զոհերն են, կրնան այս կամ այն ձեւով՝ հեռուէն կամ մօտէն վնասուիլ, սակայն շուտով կը վերականգնին իրենց կրած հարուածէն. ինչո՞ւ. որովհետեւ ինքնավստահութեան պակաս չունին: Ասոնք միայն իմանան թէ ի՞նչ է կացութիւնը, ինչո՞ւ նման կեցուածք որդեգրած է եւ դիրքորոշում ունեցած իրենց ծանօթը, արդէն կրնան հակակշռի տակ առնել անոր սանձարձակութիւնները եւ զսպել զայն, ի հարկին օրինական միջոցներու դիմելով: Նման անձեր զսպելը շատ կը դիւրանայ, երբ մանաւանդ մօտէն ծանօթ ենք անոնց նկարագրի գիծերուն, զանազան հարցերու նկատմամբ ունեցած մօտեցումներուն, եւ ընդհանրապէս անոնց անձին ու գործունէութեան:
Ինքնավստահութեան պակաս ունեցող անձը շուտով կը կորսնցնէ նաեւ իր լեզուին վրայ ունեցած հակակշիռը: Անիկա այնքան կը խօսի, այնքան կը բամբասէ, որ նոյնիսկ իր լուրջ խօսքերը կասկածով կ՛ունկնդրուին իր շրջապատին կողմէ:
Այս մասին տրուած բացատրութիւնները յաւելեալ լուսաբանութիւն կը զգենուն, երբ նման զրոյցներու մէջ տեղ մը ըսուի, թէ ինքնավստահութեան պակասը եւ անճարակութիւնը զիրար կ՛ամբողջացնեն: Այս հիւանդութեամբ տառապողները գիտեն իրենց անճարակութիւնը, սակայն միեւնոյն ժամանակ չեն կրնար տանիլ այն յաջողութիւնները, զորս կ՛ունենան այն մարդիկ, որոնք կեանքի ուղին իրենց հետ միասին սկսած էին:
Խեղճութեան որակում չենք ուզեր կատարել այստեղ, որովհետեւ անորակը որակելը պարզապէս անմտութիւն է: Խեղճութիւնը ինքն իր սահմանումը վաղո՜ւց տուած է արդէն, իր խեղճութեամբ: Ուրեմն, խեղճութիւնները պէտք է իրենց ճակատագրին թողուլ, որպէսզի իրենց խեղճութեամբ »վաստակ« շահին այս կեանքին մէջ, որ է ժամավաճառութեան «հարստութիւն»ը:
Ինքնավստահութեան պակաս ունեցող անձը, վկայեալ ժամավաճառն է, որուն ժամանակաւոր «յաջողութիւնները» երկար ժամանակի վրայ շնչահեղձ կը դառնան, իսկական արժէքներուն տալով իրենց վերջին շունչը: Հոգեպէս տագնապահար այս անձերը ուղղութեան բերելը անհնարին ու անիմաստ փորձ ըլլալով, պէտք է զանոնք թողուլ իրենց «արդիւնաբեր» աշխատանքին լծուած, ու հեռանալ անոնցմէ: