ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Անցեալ շաբթուան ընթացքին Պէյրութէն, հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գիւղէն եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն իսրայէլացի երկու լրագրողներու կատարած հաղորդումները, Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմին առաջին տարեդարձին առիթով, քննադատութեան դուռ բացած են Լիբանանի մէջ: Լրագրողներէն մէկը՝ Լիզա Կոլտման կ՚աշխատակցի իսրայէլեան «10» պատկերասփիւռի կայանին, իսկ միւսը՝ Ռենա Մախլիս՝ «Ետիոթ Ահրոնոթ» իսրայէլեան օրաթերթին։ Մախլիս Լիբանան մուտք գործած է պրազիլեան անցագիրով՝ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն։ Ան յայտնած է, որ ինք կ՚աշխատակցի պրազիլեան օրաթերթի մը։ Իր պատրաստած յօդուածին մէջ Մախլիս նշած է, թէ «Հըզպալլա» կատարելապէս պատրաստ է երկրորդ պատերազմ մը մղելու. ան նշած է նաեւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ, պատերազմէն տարի մը ետք, յաղթանակի մթնոլորտ մըն է տիրողը։
Միւս կողմէ, լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ դատախազ Սայիտ Միրզա ուշադրութիւն ցուցաբերած է այս թղթածրարին նկատմամբ եւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն պահանջած է օրինակ մը՝ Կոլտմանի սփռած յայտագրին տեսաերիզէն, որպէսզի խորհուրդին հետ միասնաբար համապատասխան քայլերուն դիմէ այդ հարցով։
Լիբանանցի պաշտօնատար մը յայտնեց, թէ կառավարութիւնը զարմացած է, որ իսրայէլացի այս լրագրողները ինչպէ՞ս կրցած են մուտք գործել Լիբանան եւ ազատօրէն պտտիլ Պէյրութի փողոցներուն մէջ ու հոնկէ կրցած են ուղղակի սփռում կատարել: Իր կարգին՝ տեղեկատուութեան նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի հետապնդելու Լիզա Կոլտմանի վերաբերող հարցն ու թղթածրարը, յատկապէս Լիբանան անոր մուտք գործելուն ծալքերն ու մանրամասնութիւնները։