ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը Կիրակի, Յունուար 28ին զգուշացուց հարաւային Լիբանանի բնակչութիւնը Իսրայէլի ուղարկած փուչիկներէն, որոնք լեցուն են թունաւոր կազերով։
Բանակի հրամանատարութիւնը նշեց, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն կողմէ փուչիկներուն կազերը պարպելու նպատակով զանոնք պայթեցնելու քայլը կրնայ իր նպատակին չծառայել եւ վնաս պատճառել քաղաքացիներուն առողջութեան։
Բանակի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, որ նման փուչիկներ տեսնելու պարագային անպայման այդ մասին տեղեակ պահեն ապահովական ուժերը կամ բանակը։ Նապաթիէի մէջ ութ հոգի թունաւորուեցան այդ փուչիկներէն։ Քաղաքացիներու կողքին թունաւորուեցան նաեւ բանակի անդամ սպաներ եւ զինուորներ։
Սուրի մէջ, ՄԱԿի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական ջոկատը քիմիական փորձարկումներ կատարեց իսրայէլեան փուչիկներուն վրայ եւ ի յայտ բերաւ անոնց մէջ գտնուող քիմիական նիւթերէ բաղկացած թունաւոր կազերու գոյութիւնը։
Յայտնենք նաեւ, որ նմանօրինակ փուչիկներ յայտնաբերուեցան նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ։
Արտաքին գործոց հրաժարեալ նախարար Ֆաուզի Սալլուխ կառավարութենէն պահանջեց բողոքել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներուն դէմ, «բռնարարքներ, որոնք այս անգամ փուչիկներով երեւան կու գան եւ իսկական ոտնձգութիւն են Լիբանանի գերիշխանութեան ու խախտում՝ ՄԱԿի թիւ 1701 բանաձեւին», աւելցուց Սալլուխ, ակնարկելով իսրայէլեան քիմիական պատերազմի նորագոյն ոճին:
Նկարին մէջ, թունաւոր փուչիկներու փունջ մը: