ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան օդուժը արագօրէն օդանաւեր ղրկած է դէպի Սուրիոյ հետ սահմանը, երբ 48 ժամուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով սուրիական օդանաւ մը նկատուած է իսրայէլեան օդուժի ռատարներուն կողմէ։
Իսրայէլեան ձայնասփիւռը նշեց, որ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր ահազանգի մատնուեցան՝ Սուրիոյ սահմանին վրայ սխալ ահազանգի մը պատճառով։ Ձայնասփիւռը նշեց, որ սուրիական օդային տարածքին մէջ գտնուող թռչող մարմին մը տեսնուած ու ապա անյայտացած է իսրայէլեան օդուժի ռատարներէն։ Իսրայէլացի զինուորական պաշտօնատարներ յայտնած են, որ իսրայէլեան օդանաւերը թռիչք կատարելէ քանի մը վայրկեան ետք, առանց սուրիական օդային տարածք մուտք գործելու, վերադարձած են, երբ պարզուած է, թէ սուրիական օդանաւը ջախջախուած է, սակայն սուրիական իշխանութիւնները այդ վարկածին վերաբերեալ որեւէ ակնարկութիւն չեն կատարած։
Իսրայէլեան ահազանգային վիճակը կը զուգադիպի հրէական «Ներումի տօն»ին եւ 1973 թուականի պատերազմին 34ամեակին։
Անցեալ շաբաթ, գրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող ռատար մը սուրիական կողմէն «հաւանական թշնամի» մը յայտնաբերած էր, որ սակայն հետագային պարզուած էր, թէ գաղթող թռչուններու երամ մըն է։
Վերոնշեալ զարգացումները կ՚արտացոլացնեն Սեպտեմբեր 6ին իսրայէլեան օդանաւերու կողմէ սուրիական թիրախի մը ռմբակոծումէն ետք Սուրիոյ եւ Իսրայէլի սահմանին վրայ տիրող լարուած մթնոլորտը։