ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մինչ Թուրքիա Ուաշինկթընի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հարցով զօրակցութիւն կ’ակնկալէ Ամերիկայի հրէական կազմակերպութիւններէն, կարգ մը դէտեր դիտել կու տան, որ հրեաները այս անգամ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն պատճառով դժգոհ են Թուրքիոյ քայլերէն եւ հաւանաբար այս անգամ անհրաժեշտ չափով պիտի չօժանդակեն Թուրքիոյ։
Այս ծիրէն ներս, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Փետրուար 13ին ըրաւ նոր յայտարարութիւն մը, որ կրնայ հրեաները աւելի եւս զայրացնել։
Արդարեւ, Էրտողան, որ այսօր (Հինգշաբթի օր) Անգարայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Թուրքիա այցելող Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի հետ, Իսրայէլը զգուշութեան հրաւիրեց Երուսաղէմի սրբավայրերուն մէջ ծրագրուած պեղումներու կապակցութեամբ, որ պաղեստինցիներու զայրոյթը հրահրած է:
Հին կամուրջի մը կապակցութեամբ կատարուող պեղումները տեղի տուած են իսլամական աշխարհի ուժեղ հակազդեցութեան ու եթէ պեղումներուն համար նախապատրաստական աշխատանքները շարունակուին, իսլամները կրնան աւելի ուժեղ հակազդեցութիւն ցոյց տալ։
Վարչապետ Էրտողան իր կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի նիստի ընթացքին յայտնեց, թէ սրբավայրերու մասին համաձայնութիւններ գոյութիւն ունին հրեաներու ու իսլամներու միջեւ եւ Իսրայէլ պէտք է յարգէ այդ համաձայնութիւնները։ Էրտողան շատ նշանակալից գտաւ, որ այս պեղումները կը զուգադիպին այնպիսի շրջանի մը, երբ պաղեստինեան «Ֆաթհ» ու «Համաս» համաձայնութիւն մը կը գոյացնեն իրարու միջեւ։ Խաղաղութեան ի նպաստ ստեղծուած այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ Իսրայէլի իշխանութիւններու պեղումը «ցաւ կը պատճառէ Անգարային», ըսաւ վարչապետը։
Պոլսոյ մօտ Իսրայէլի հիւպատոսարանը արդէն իսկ պատասխանեց, որ շինարարական աշխատանքները յետին նպատակ չունին եւ պարզապէս կը փորձեն աւելի ապահով դարձնել կամուրջ մը, որ իսլամներու կողմէ չի գործածուիր։