ՏԱՒՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Ցիփի Լիվնի Հինգշաբթի, Յունուար 25ին Տաւոսի մէջ գումարուած Համաշխարհային տնտեսական համախմբումին ընթացքին խօսք առնելով ընդգծեց, որ «պաղեստինեան պետականութիւնը ցնորք մը չէ. ան հո՛ն է. ան իրագործելի՛ է»։
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս առաջին կարգի ներկաներուն մէջ նստած էր։
Լիվնի կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին՝ նեցուկ կանգնելու «Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածքին մէջ գտնուող չափաւորականներուն»։
Խօսքը Ապպասի ուղղելով՝ Լիվնի ըսաւ, որ «ծայրայեղականներուն հետ զիջումները ոչինչ յառաջ կը տանին»։ Ան կ՚ակնարկէր «Համաս»ի եւ պաղեստինեան այլ խմբաւորումներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով պաղեստինեան իշխանութեան ջանքերուն։
Ապպաս իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Իսրայէլի ու պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութեան տեսլականը իրականութիւն դարձնելու պահը հասած է՝ նշելով, որ այսպիսի խաղաղութիւն մը պիտի ամրապնդէ Միջին Արեւելքի մէջ չափաւորականներուն դիրքերը եւ ծայրայեղականները պիտի զրկէ իրենց քարոզչական ու գաղափարական կարեւոր կռուանէն։
«Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ ես համոզուած եմ, որ խաղաղութեան գործընթացի վերակենդանացման համար նպաստաւոր մթնոլորտ մը կայ, եւ անիկա կրնայ առաջնորդել պաղեստինեան պետութեան ստեղծումին», ըսաւ ան։
«Ունինք խաղաղութեան ճամբու քարտէսը, որ մէկտեղած է խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան կէտերն ու նախագահ Ճորճ Պուշի երկու պետութիւններու պատկերացումը։ Այժմ կը մնայ պարկեշտօրէն ճշդել այդ քարտէսին սկզբնակէտը», աւելցուց Ապպաս։