ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի կառավարութիւնը որոշեց իսրայէլեան բանտերէն ազատ արձակել պաղեստինեան «Ֆաթհ» կազմակերպութեան 250 անդամներ, փորձելով իրականացնել այդ գծով Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի տուած խոստումը: Կառավարութիւնը այս քայլը «բարի կամեցողութեան» քայլ մը համարեց, որու նպատակն է ամրապնդել չափաւորական համարուող պաղեստինցիներուն դիրքերը։
Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ազատ արձակուելիք բանտարկեալներու վերջնական ցանկ մը կազմել, սակայն այդ ցանկը կրնայ Իսրայէլի դատական համակարգին սահմանած արգելքներու հանդիպիլ։
Իսրայէլի կառավարութեան բանբեր մը յայտնեց, որ ցանկը պէտք է կազմուած ըլլայ «Ֆաթհ»ի այն անդամներէն, որոնք Իսրայէլի դէմ յարձակումներու չեն մասնակցած եւ այնպիսի դէմքեր են, «որոնք կրնան պաղեստինցիներուն մէջ չափաւորականներուն շարքերը ամրապնդել»։
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի օգնականներէն մէկը նշեց, որ ցանկը պէտք է ներառէ յատկանշական անուններ եւ ոչ միայն անձեր, որոնց բանտարկութեան ժամանակաշրջանը իր աւարտին կը մօտենայ։
Վարչապետ Օլմերթ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի շաբաթական նիստին սկիզբը խօսք առնելով յայտնեց. «Կ՚ուզենք պաղեստինեան իշխանութեան մէջ չափաւորականները զօրացնելու համար ամէն միջոց օգտագործել»։ Ան յայտնեց, որ բանտարկեալներուն ազատ արձակումը պատճառ պիտի դառնայ, որ պաղեստինցիներուն հետ «նշանակալից քննարկումներ» տեղի ունենան։
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ վարչապետ Օլմերթ եւ նախագահ Ապպաս յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին հանդիպում մը ունենալու վերաբերեալ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցած են։
«Համաս» շարժումը քննադատեց իսրայէլեան կառավարութեան որոշումը՝ նշելով, որ անիկա «շատ խտրական» է։ «Համաս»ի բանբեր Ֆաուզի Պարհում յայտնեց, որ «Ֆաթհ»ի անդամ բանտարկեալները ազատ արձակելու քայլը «Համաս»ի եւ «Ֆաթհ»ի միջեւ յառաջացած վիհը խորացնելու Ապպասի քաղաքականութիւնը կ՚ամրապնդէ։
Միւս կողմէ, «Համաս»ի հակակշռին տակ գտնուող Կազայի մէջ ստեղծուեցաւ «Ֆաթհ»էն անջատուած նոր կազմակերպութիւն մը, որ ինքզինք կը կոչէ «Ֆաթհ Եասէր»։ Կազմակերպութեան ղեկավար Խալէտ ապու Հիլալ նախագահ Ապպասը քննադատելէ ետք կոչ ուղղեց «Ֆաթհ» շարժումին ձերբազատելու դաւաճանական հոսանքէն եւ իր կազմակերպութեան միանալու։
Իսրայէլեան բանտերուն մէջ կը գտնուին շուրջ 10 հազար պաղեստինցիներ, որոնց շարքին անձեր, որոնց դէմ պաշտօնական ամբաստանութիւն չէ արձանագրուած։
Վերջին անգամ Իսրայէլ 2005ին պաղեստինցի մեծաթիւ բանտարկեալներ ազատ արձակեց։ Օրին 400 պաղեստինցի բանտարկեալ ազատ արձակուած էր զինադադարի համաձայնութեան մը շրջագիծին մէջ։