ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Իսրայէլեան մարդկային իրաւանց պաշտպան «Պ’Թսելեմ» կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին իսրայէլացի զինուորներու կողմէ սպաննուած են առնուազն 660 պաղեստինցիներ, ինչ որ 2005ի տուեալներուն աւելի քան եռապատիկն է: Յատկանշական է նաեւ, որ զոհերուն 141ը երեխաներ եղած են եւ աւելի քան կէսը անզէն պաղեստինցի քաղաքայիններ էին: Մտահոգիչ է նաեւ այդ իրողութիւնը, որ անցեալ Յունիսէն ի վեր 405 պաղեստինցիներ սպաննուած են Կազայի մէջ:
Միաժամանակ, 2006ին պաղեստինցիներու կողմէ սպաննուած իսրայէլացիներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է, հասնելով 23ի, մինչ տարի մը առաջ այն 50 էր:
Կազմակերպութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, թէ Նոյեմբերի տուեալներով 9075 պաղեստինցի բանտարկեալներ կը պահուին իսրայէլեան բանտերուն մէջ, որոնցմէ 738ը նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ ի՞նչ յանցանքով ամբաստանուած են: