ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլացի նախարարներ ցուցմունք ստացան նախարարաց խորհուրդի շաբաթական ժողովներէն առաջ իրենց բջիջային հեռաձայնները յանձնելու։ Այս քայլով իշխանութիւնները կը փորձեն կառավարութեան նիստերէն իսրայէլեան մամուլին եղած տեղեկութեանց փոխանցումները նուազեցնել։
Նախարարաց խորհուրդի քարտուղարութիւնը շրջաբերականի մը մէջ յայտնեց, որ բջիջային հեռաձայնները եւ «հաղորդակցութեան այլ միջոցներ» նախարարներուն պիտի վերադարձուին ժողովներէն ետք։ Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց՝ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ նախարար մը յանդիմանած է՝ գաղտնի սպասարկութեանց կարեւոր մէկ զեկուցումին ընթացքին հեռաձայնը գործածելուն համար։
Վերոնշեալ նախարարը իր հեռաձայնով կը խօսէր, մինչ ներքին գաղտնի սպասարկութեանց՝ «Շին պէթ»ի ղեկավար Եուվալ Տիսքին նախարարաց խորհուրդին ապահովական նուրբ հարցերու մասին զեկուցում կը ներկայացնէր։
Նախարարաց խորհուրդի նիստին աւարտին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Տիսքինի զեկուցման մասին լռութիւն պահուեցաւ։ Վարչապետ Օլմերթի մամլոյ խորհրդականը յայտնեց, թէ զեկուցումը կը պարունակէր նուրբ տեղեկութիւն մը, «զոր իսրայէլեան հանրութեան կամ պաղեստինցիներուն կարելի չէր փոխանցել»։