ՌԱՄԱԼԼԱ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին ազատ արձակեց 57 պաղեստինցի բանտարկեալներ՝ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին զօրակցելու փորձով մը։ Իսրայէլի կողմէ իբրեւ բարի կամեցողութեան նշան յայտարարուած բանտարկեալներու ազատ արձակման քայլը վերջին ամիսներուն ընթացքին իր տեսակին մէջ երկրորդն է։
Ազատ արձակուածները մեծամասնութեամբ Ապպասի «Ֆաթհ» կուսակցութեան անդամ են:
Ըստ ՄԱԿի տուեալներուն, Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուող բանտարկեալներուն թիւը աւելի նուազ է, քան իւրաքանչիւր ամիս իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ձերբակալուած պաղեստինցիներուն միջին թիւը։