ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Սեպտեմբեր 23ին կայացած Իսրայէլի կառավարութեան նիստին ընթացքին որոշուեցաւ ազատ արձակել շուրջ 90 պաղեստինցի բանտարկեալներ՝ փորձելով պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի դիրքը ամրապնդել՝ ընդդէմ «Համաս»ի: Կառավարութեան բանբեր մը յայտնեց, որ «սկզբունքային» համաձայնութիւն գոյացած է ազատ արձակելու այն բանտարկեալները, որոնք անդամ են Ապպասի գլխաւորած «Ֆաթհ» շարժումին:
Նախապէս, կառավարութիւնը յայտնած էր, որ անոնք, որոնք ազատ պիտի արձակուին, պէտք է իսրայէլացիներ սպաննած չըլլան եւ առնուազն մէկ տարի բանտարկուած ըլլան:
Մօտաւորապէս երկու շաբթուան ուշացումով առնուած այս քայլը գործադրումն է Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի եւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի միջեւ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին գոյացած համաձայնութեան:
Յունիսին, Իսրայէլ ազատ արձակած էր մօտաւորապէս 250 բանտարկեալներ, որոնց մեծամասնութիւնը անդամ է «Ֆաթհ»ի:
Իսրայէլեան բանտերուն մէջ կը գտնուին աւելի քան 11 հազար պաղեստինցի բանտարկեալներ:
Միւս կողմէ՝ նախագահ Ապպասի խորհրդական մը ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս Մահմուտ Ապպասի հետ քանի մը օր առաջ Ռամալլայի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ապպասին տեղեկացուցած է, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է միջազգային խորհրդաժողովին հրաւիրելու արաբական վեց երկիրներ՝ Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան իշխանութիւնը: