ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան հրթիռարձակումներուն հակազդելով՝ Իսրայէլի կառավարութիւնը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին որոշեց վերսկսիլ Կազայի մէջ պաղեստինցիներու վրայ «ճշգրիտ» հարուածներուն:
Կազայէն արձակուած հրթիռ մը Չորեքշաբթի օր հարաւային Իսրայէլի Ստերոթ քաղաքին մէջ վիրաւորեց երկու պատանիներ:
Իսրայէլեան որոշումին յայտարարութենէն կարճ ատեն ետք երկրորդ հրթիռ մը Կազայէն արձակուեցաւ Ստերոթի վրայ: Հինգշաբթի օր եւս երկու հրթիռներ արձակուեցան Կազայէն, առանց մարդկային զոհեր խլելու:
Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի գրասենեակը առաջին յարձակումէն ետք հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ «պաշտպանութեան կառոյցներուն հրահանգուեցաւ ճշգրիտ հարուածներ տալ հրթիռ արձակող բջիջներուն: Այսուհանդերձ, Իսրայէլ պիտի շարունակէ յարգել զինադուլը»:
Պաղեստինեան իշխանութեան կառավարութիւնը իր հակակշռին տակ պահող «Համաս» կուսակցութեան բանբեր Ղազի Համատ դատապարտեց յարձակումներն ու ոտնձգութիւնները շարունակելու իսրայէլեան որոշումը, սակայն ինքը եւս շեշտեց. «Կը շարունակենք հաւատալ, որ զինադուլի համաձայնութիւնը «ողջ» է, եւ երկու կողմերը պարտին յարգել զայն»:
Յայտնենք, թէ Նոյեմբեր 26ին հռչակուած զինադադարի համաձայնութենէն ետք իսրայէլեան ուժերը արդէն իսկ 15 պաղեստինցիներ սպաննած են զանազան գործողութեանց ընթացքին:
Նկարին մէջ, պաղեստինցի զինեալ մը տեղական արտադրութեամբ հրթիռով մը, Կազայի փողոցներուն մէջ: