ՀՌՈՄ, «Ռոյթըրզ».- Իտալական «Ա.Էս. Ռոմա»ի յառաջապահ Ֆրանչեսքօ Թոթթի տիրացաւ այս տարուան եւրոպական ֆութպոլի «Ոսկիէ կօշիկ» մրցանակին, որ կը շնորհուի ամենաշատ կօլ նշանակած մարզիկին:
30 տարեկան Թոթթի, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն նշանակեց 26 կօլ, ապահովեց 52 կէտ:
Ան երկու կէտով գերազանցեց սպանական «Ռէալ Մատրիտ»ի հոլանտացի յառաջապահ Ռուտ Վան Նիսթըլրոյը, որ նշանակած էր 25 կօլ:
Թէեւ պրազիլցի յառաջապահ Ալֆոնսօ Ալվէզ (հոլանտական «Հիրենվին»էն) նշանակած էր 34 կօլ, ան հանդիսացաւ երրորդ, նկատի ունենալով, որ հոլանտական ախոյեանութիւնը Եւրոպայի առաջնակարգներէն մէկը չէ: Կէտերը կը շնորհուին ախոյեանութեան մակարդակին համաձայն:
Նշենք, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով իտալացի մարզիկ մը կը տիրանայ այս տիտղոսին: Անցեալ տարի տիտղոսին տիրացաւ յառաջապահ Լուքա Թոնի («Ֆիորենթինա»):
Նկարին մէջ, Թոթթի իր զաւակին հետ, Մայիս 27ին տեղի ունեցած մրցումի մը աւարտին: