ՖԻՖԱի տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Ցիւրիխի մէջ՝ Զուիցերիա, եւ 2006ի լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուեցաւ Իտալիոյ ազգային խումբի խմբապետ, յետսապահ Ֆապիօ Քանավարոն։ Երկրորդ հանդիսացաւ ֆրանսացի Զինետին Զիտան, իսկ երրորդ՝ պրազիլցի Ռոնալտինիօ։
Այս տարուան աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտախաղերու լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսը, որ շնորհուած էր Զիտանի, պաշտօնապէս տրուեցաւ անոր՝ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին։
Քանավարօ ծնած է 1973ին, Նափոլի։ 1991-1995 տարիներուն մաս կազմած է «Նափոլի»ի, 1995-2002՝ «Փարմա»ի, 2002-2004՝ «Ինթէր Միլան»ի, 2004-2006՝ «Եուվենթուս»ի, իսկ այժմ՝ «Ռէալ Մատրիտ»ի։
Նկարին մէջ, ձախէն աջ՝ Քանավարօ, Ռոնալտիօ եւ Զիտան: