ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունիս 13ին Թուրքիա այցելած Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Մասիմօ Տ’Ալեմա հիւսիսային Իրաք չներխուժելու կոչ ըրաւ Անգարայի իշխանութեանց, որովհետեւ նման քայլ մը աւելի եւս պիտի բարդացնէ Իրաքի ներքին կացութիւնն ու կրնայ աւելի եւս անկայուն դարձնել ամբողջ շրջանը, ըսաւ ան:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ապտալլա Կիւլի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք: Նախարարը անջատ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ նախագահ Ահմատ Նէճտէթ Սէզէրի ու վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Թուրքիոյ ռազմական ուժերու հրամանատարութիւնը վերջին քանի մը ամիսներուն կը պնդէ, թէ հիւսիսային Իրաք պէտք է ներխուժել՝ բնաջնջելու համար հոն հաստատուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դիրքերը, սակայն Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գլխաւորած կառավարութիւնը նուազ խանդավառ է այդ ընտրանքով, մինչ Միացեալ Նահանգներու, Իրաքի եւ հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի իշխանութիւնները շարունակաբար կոչ կ’ընեն Անգարայի, որ նման ինքնագլուխ քայլի մը չդիմէ:
Տ’Ալեմա նաեւ կրկնեց, թէ Իտալիա նեցուկ կը կանգնի Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու աշխատանքներուն, միաժամանակ կոչ ընելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ արագացնեն երկրին մարդկային իրաւանց վիճակը բարելաւելու աշխատանքները:
Ան նաեւ յայտնեց, թէ գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի տագնապին արդար լուծում մը պէտք է գտնուի ամենամօտ առիթով, շեշտելով, թէ Կիպրոսի տագնապին լուծում եւս պիտի նպաստէ Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու աշխատանքներուն: