ՀՌՈՄ, ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Իտալիա եւ Ֆրանսա կոչ ուղղեցին Իրաքի իշխանութիւններուն, որ մահապատիժի չենթարկեն նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնը՝ դիտել տալով, որ այսպիսի քայլ մը բարոյապէս սխալ է եւ կրնայ երկիրը տանիլ քաղաքացիական պատերազմի։ Երեքշաբթի օր Սատտամ դատարանէն կոչ ուղղեց բոլոր իրաքցիներուն, որ ներեն իրարու եւ հաշտուին, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փրկել:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Մասիմօ Տալեմա Փարիզի մէջ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ֆիլիփ Տուսթ Պլազիի հետ տեսակցելէ ետք յայտարարեց, որ Իրաքի մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն մէջ Սատտամ Հիւսէյնի դէմ մահապատիժի գործադրութիւնը կրնայ երկիրը հասցնել քաղաքացիական իսկական պատերազմի։
«Այս պատճառով է, որ ես ու պաշտօնակիցս կոչ կ՚ուղղենք Իրաքի իշխանութիւններուն, Իրաքի ժողովրդավարական իշխանութիւններուն (զորս կը յարգենք եւ որոնց նեցուկ կը կանգնինք), որ վճիռը չգործադրեն», ըսաւ ան։
Տուսթ Պլազի իր կարգին ըսաւ, որ Ֆրանսա եւ Եւրոպական միութիւնը դէմ են մահապատիժին եւ կը փափաքին, որ անիկա ջնջուի բոլոր երկիրներուն մէջ։ «Զուտ բարոյական պատճառներով Սատտամ Հիւսէյն պէտք չէ մահապատիժի ենթարկուի», ըսաւ ան՝ լրագրողներու պնդումներուն պատասխանելով, «մենք մահապատիժին դէմ ենք, անոր ենթարկուողը ըլլայ Սատտամ Հիւսէյնը, թէ ուրիշ մէկը»։
Ներկայիս տեղի կ’ունենայ Սատտամի երկրորդ դատավարութիւնը 1988ին պատահած քրտական ջարդերու կապակցութեամբ: