Հայկական Ցեղասպանութեան հերքումի թրքավարի փորձ մը եւս կատարուեցաւ նախանցեալ օր, Կիրակի, Իտալիոյ Վերչելլի քաղաքին մէջ։
Արդարեւ, շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած թուրք մը փորձեց արգելք հանդիսանալ գերմանացի լուսանկարիչ Արմին Վեկնըրի Հայկական Ցեղասպանութեան լուսանկարներու ցուցահանդէսին։
«Ազդակ»ի հետ կապ հաստատելով, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատուներէն Ալեքօ Պէզիկեան յայտնեց, որ հայկական եւ տեղական մշակութային կազմակերպութիւններու եւ խմբաւորումներու գործակցութեամբ կազմակերպուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուէր Կիրակի օր, կէսօրէ առաջ ժամը 11ին։
Սակայն ցուցահանդէսի բացումէն քիչ առաջ, շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած խորովածի խանութի մը սեփականատէր թուրք մը, ցուցասրահէն դուրս գտնուող որմազդները պատռտելը անբաւարար նկատելով խուժեց սրահէն ներս, կոտրտեց ու պատռեց ցուցադրուած նկարներէն հինգ կամ վեց հատ, ապա իր կատաղութեան թիրախը դարձուց ցուցահանդէսը վարող իտալացի կինը եւ զգետնեց զայն։ Ան շրջեց ցուցասրահին մուտքին զետեղուած սեղանը, գետին ձգելով ու կոխկռտելով անոր վրայ զետեղուած եւ այցելուներուն տրամադրուելիք բացատրողական պրակներն ու գիրքերը։
Շուտով վրայ հասաւ ոստիկանութիւնը, որ ձերբակալեց ազատ եւ անկաշկանդ, մանաւանդ՝ ի՛ր քաղաքակրթութեան ու մշակոյթին վայել ու հարազատ ձեւով կարծիքը արտայայտած թուրքը։
Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ մէկուկէս ժամուան ուշացումով։
Ա. Պէզիկեան դիտել տուաւ, որ իտալական պատկերասփիւռի հինգերորդ կայանը, տեղական լուրերու իր երեկոյեան հաղորդումին ընթացքին լայնօրէն անդրադարձաւ դէպքին, լրատուութեան ընթացքին ցուցադրելով նաեւ Արմին Վեկնըրի Հայկական Ցեղասպանութեան լուսանկարները։
Լրատուութիւնը նաեւ լայն տեղ տուաւ Հայկական Ցեղասպանութեան արգելք հանդիսանալու Պենետքթ ԺԵ. պապին (1914-1922) ճիգերուն։
Իտալական կայանը ընդգծեց, որ թրքական իշխանութիւնները ո՛չ միայն օրին մերժեցին կարեւորութիւն ընծայել կաթողիկէ քահանայապետին կոչերուն ու միջամտութիւններուն, այլ մինչեւ օրս կը մերժեն ընդունիլ մէկուկէս միլիոն հայ զոհեր խլած իրենց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը։
Լրատուութիւնը նաեւ անդրադարձաւ վախճանեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի Հայաստան այցելութեան՝ յիշելով, որ առաջին քրիստոնեայ պետութիւն իր այցելութեան առիթով ան ալ յարգած է Հայկական Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակը։