11 Մայիսին, Իրանահայ գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ իրանահայ բանաստեղծուհի Ծաղկանուշ Ծատուրեան, որ նաեւ ցուցադրեց իր գիրքերը։ Բացման խօսքը ուղղեց միութեան նախագահ Թորգոմ Տէր Յակոբեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկաներուն ներկայացուց բանաստեղծուհիին կենսագրականը եւ անոր ստեղծագործութիւնները։
Ծաղկանուշ Ծատուրեան հեղինակն է չորս գիրքերու՝ «Կապոյտ երազներ» (1982), «Լոյս» (1992), «Մտքի մարգրիտներ» (2006), «Կեանքի շաւիղներում» (2006)։ Ան նաեւ վաստակաւոր երգչուհի է։
Այնուհետեւ Ծ. Ծատուրեան ներկայացուց իր կարգ մը ստեղծագործութիւնները եւ կարդաց իր բանաստեղծութիւններէն փունջ մը։
Ձեռնարկի աւարտին բանաստեղծուհին պարգեւատրուեցաւ Իրանահայ գրողներու միութեան շքանշանով։