ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ իսրայէլեան օդուժը, իրանեան հիւլէական սպառնալիքին դէմ դնելու համար իր օդաչուները երկար թռիչքներ կատարելու կը մարզէ, տեղեկութիւն մը, զոր իսրայէլեան պետական պաշտօնատարներ հերքեցին:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը նշեց, որ այդ մարզումները կը ներառեն օդին մէջ վառելանիւթով պարենաւորուիլ եւ թիրախներ հարուածել: Օրաթերթը նաեւ յայտնեց, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ սերտօրէն կը գործակցին բոլոր այն հարցերուն մէջ, որոնք Իրանի հիւլէական ծրագիրին կը վերաբերին: Օրաթերթին համաձայն, վերոնշեալ տեղեկութիւնները լոյս կ՚ընծայէ իսրայէլեան զինուորական հրամանատարներու արտօնութեամբ:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Ռեկեւ յայտնեց, որ այս տեղեկութիւնները «ճիշդ չեն» եւ «Իսրայէլ հարիւր առ հարիւր կը զօրակցի Իրանի հիւլէական ծրագիրի կասեցման միջազգային ջանքերուն»:
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը համակարծիք էր Ռեկեւի հետ: Ան յայտնեց, թէ «անհեթեթ տեղեկութիւն մըն է, որ լոյս տեսած է օրաթերթի մը մէջ, որ անցեալին եւս այս հարցին վերաբերեալ հնչեղ խորագիրներ օգտագործած է եւ հետագային ի յայտ եկած է, որ այդ բոլորը անհիմն են»: