Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար, գնդապետ-զօրավար Զաքիր Հասանով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօրավար Մոհամետ Հիւսէյն Պաղերիի հետ: Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան:
Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանին մէջ տիրող կացութեան եւ ապահովական հարցերու շուրջ:
«Որոշ ուժերու կողմէ տարածուած կեղծ տեղեկատուութիւնը, թէ Իրան կենդանի ուժ եւ սպառազինութիւն կը կուտակէ Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ եւ զանազան ռազմափորձեր կը կատարէ, իրականութեան մէջ որեւէ հիմք չունի», ընդգծեց Պաղերի՝ աւելցնելով. «Այսպիսի տեղեկատուութեան տարածումը նպատակ ունի՝ վնասել երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութեան եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններուն»:
Հասանով եւ Պաղերին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկեցին նաեւ Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ զինուորական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները: