ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանեան զինուորական ուժերու «Յեղափոխութեան պահակներ» բաժանմունքին անդամ զինուորներ փոխադրող հանրակառք մը Չորեքշաբթի, Փետրուար 14ին ականահարուեցաւ Փաքիստանի մօտիկ շրջանի մը մէջ, որու հետեւանքով սպաննուեցան առնուազն 11 զինուորներ եւ վիրաւորուեցան 31 ուրիշներ: Պայթումը տեղի ունեցաւ Սիսթան-Պալուչեսթան նահանգին մայրաքաղաք Զահետան քաղաքին մօտերը:
Կիսապաշտօնական «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ արարքին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Քայիտա»ի հետ կապեր ունեցող «Ճունտալլա» սիւննի կազմակերպութիւնը, որ Իրանի իշխանութիւնները կ’ամբաստանէ սիւննիներու դէմ խտրական քաղաքականութիւն որդեգրելու յանցանքով:
Նախապէս իշխանութիւնները արարքին պատասխանատու համարած էին «ապստամբներ կամ թմրեցուցիչի մաքսանենգներ»:
Նկարին մէջ, յարձակումին թիրախ դարձած հանրակառքին շուրջ խճողուած հարիւրաւոր իրանցիներ: