ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի իսլամական յեղափոխութեան 28րդ տարեդարձին նուիրուած «Այգաբացի տասնօրեակ»ի մեկնարկը դարձաւ Իրանը պատկերող լուսանկարներու, կիրառական արուեստի նմուշներու եւ իրանցի նկարիչ Ալի Հուսէյն Աղամիրիի գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը, որուն բացումը կատարեցին Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ալի Ռեզա Հաղիղեան եւ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Յասմիկ Պօղոսեան:
Ցուցահանդէսի բացումին, դեսպանը ընդգծեց Հայաստանի անկախութենէն յետոյ հայ-իրանական յարաբերութիւններու յարաճուն զարգացումը բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ համոզում յայտնեց, որ «շատ լաւ օրեր են սպասում զարգացող երկկողմ յարաբերութիւններին»:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսքեր արտասանեցին նաեւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային կեդրոնի ղեկավար Ռեզա Աթուֆին եւ նախարար Պօղոսեան:
Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին ցուցահանդէսը, որուն մասնակից գեղանկարիչ Ամիր Հուսէյն Աղամիրի ներկաներուն ծանօթացուց իր ստեղծագործութեան: