ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանցի երեսփոխաններ քուէարկեցին բանաձեւի մը, որ ամերիկեան զինեալ ուժերն ու «Սի.Այ.Էյ.»ը ահաբեկչական կազմակերպութիւններ կը նկատէ։ 215 իրանցի երեսփոխաններու կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւն մը Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին Ճափոնի ռմբակոծումը եւ Վիեթնամի ու Իրաքի ներխուժումները կ՚որակէ «ահաբեկչական արարքներ»։
Խորհրդանշական քայլը կը յաջորդէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու Սպիտակ տան ուղղուած Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի կոչին։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ զօրավիգ կը կանգնի Իրանի խորհրդարանին այս քայլին։
Ըստ վերլուծաբաններու, արտաքին գործոց նախարարութեան զօրակցութիւնը յատկանշական է, որովհետեւ կառավարական մարմինները ընդհանրապէս խորհրդարանին չափ կարծր դիրքորոշումի տէր չեն։
Մինչ իրանեան քայլը առաւելաբար խորհրդանշական կը նկատուի, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Յեղափոխական պահակագունդը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին դասելը կրնայ Իրանի համար նիւթական հետեւանքներ ունենալ։ Միացեալ Նահանգներու իրաւասութեան սահմաններուն մէջ գտնուող որեւէ ինչք կրնայ սառեցուիլ եւ անոնք կրնան քայլերու դիմել ամերիկեան օրէնքին ենթակայ որեւէ ընկերութեան դէմ, որ պահակագունդին հետ առեւտուր կ՚ընէ։