ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէրի անձնական պատուիրակ Ժան Քլոտ Քուսրան Չորեքշաբթի, Յուլիս 11ին Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքիի հետ։ Ըստ հաղորդագրութեան՝ Մոթթաքի-Քուսրան հանդիպումին ընթացքին քննուած են շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական զարգացումները։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մոթթաքի յայտնած է, թէ Լիբանան շատ վտանգաւոր կացութիւն մը կը դիմագրաւէ։ Ան աւելցուցած է, որ Լիբանանի բարօրութեան համար պատրաստուած որեւէ նախաձեռնութիւն պէտք է լիբանանեան ընկերութեան բոլոր խաւերը եւ համայնքները նկատի ունենայ։ Մոթթաքի աւելցուցած է, որ Իրան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու համար։
Հանդիպումը կու գայ Ֆրանսայի իշխանութեանց կողմէ կազմակերպուած եւ Յուլիս 14-16ին Փարիզի մէջ կայանալիք լիբանանեան քաղաքական խորհրդակցութեանց նախօրեակին: