ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին հաղորդեցին, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ գործող Իրաքի բանակի յատուկ ջոկատի մը տարազներ հագած զինեալներ Կիրակի օր առեւանգած են Պաղտատի մօտ իրանեան դեսպանատան երկրորդ քարտուղարը: Թեհրանի աղբիւրները պնդեցին, թէ առեւանգումին պատասխանատու կը համարեն Ուաշինկթընը:
Ենթակային անյապաղ ազատ արձակումը պահանջելով, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, թէ պաշտօնական բողոք փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, մինչ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջադէպը «արտառոց» որակելով, խոստացաւ հետապնդել զայն: