Նոյն աղբիւրը ըսաւ նաեւ, թէ Իրան-Հայաստան կազամուղի կառուցման վերջնական աշխատանքները պիտի աւարտին յառաջիկայ՝ Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն եւ թէ ներկայիս կը կատարուին փորձերու առնչուող աշխատանքներ:
Նախարարութիւնը հաղորդեց նաեւ, որ թէ՛ իրանեան եւ թէ հայկական հատուածին մէջ կազամուղի կառուցման աշխատանքները կը կատարեն իրանեան կապալառու ընկերութիւնները:
Ինչ կը վերաբերի Իրանէն Հայաստան կազի ներածումին, ըստ նոյն աղբիւրի, այս պահուն Հայաստան կազի յաւելեալ քանակութեան կարիքը չունի: