ԿԱՊԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրան-Հայաստան կազատարի շինարարական աշխատանքները կ’ընթանան նախանշուած ժամանակացոյցի համաձայն, եւ բացումը նախատեսուած է Դեկտեմբեր 20ին:
Նոյեմբեր 17ին այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեան՝ խողովակաշարը կառուցող իրանական ընկերութեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ խորհրդակցական աշխատանքներէն յետոյ: Ան տեղեկացուց, որ հայկական հատուածին մէջ խողովակաշարի երկարութիւնը կը կազմէ 39.5 քիլոմեթր, հարթակներու եւ խրամատներու պատրաստութեան բոլոր աշխատանքները արդէն կատարուած են, 32 քիլոմեթր խողովակաշարը արդէն եռակցուած է, իսկ 21 քիլոմեթրի պարագային՝ երեսապատուած եւ տեղադրուած է խրամատներուն մէջ:
Ինչ կը վերաբերի խողովակաշարի՝ Քաջարանէն Երեւան հատուածին, ապա այստեղ կը կատարուին առնչուած աշխատանքներ:
Ա. Մովսիսեան տեղեկացուց նաեւ, որ ուժանիւթի ոլորտին մէջ Իրանի հետ Հայաստան կ’իրականացնէ 2 խոշոր ծրագիրներ եւս, որոնցմէ մէկը Իրան-Հայաստան երրորդ բարձրավոլթ լարման ելեքտրական գիծն է, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ բարձրացնելու Իրանի եւ Հայաստանի ելեքտրականութեան թողունակութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային մակարդակով համարկուիլ Իրանի ուժանիւթի համակարգին: Ան պիտի ունենայ իր շարունակութիւնը, քանի որ 400 քիլովաթ լարման ելեքտրագիծը պիտի շարունակուի դէպի Վրաստան: Այս ուղղութեամբ աշխատանքներն արդէն սկսած են: Երկրորդ մեծ ծրագիրը կը վերաբերի Մեղրիի ելեքտրակայանի կառուցման, որուն վերաբերեալ միջպետական համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի մինչեւ տարեվերջ: