Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, լարուածութիւնը եւ հակամարտութիւնը չեն ծառայեր որեւէ երկրի շահերուն, իսկ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն վերջ դնելու համար անհրաժեշտ է շարունակական երկխօսութիւնը: Այս յայտարարութիւնը կատարեց Իրանի Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի՝ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումին ընթացքին:
«Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ աշխարհագրական որեւէ փոփոխութիւն լարուածութիւն կը ստեղծէ. անկէ կրնան օգտուիլ տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան թշնամիները», ըստ Press TV-ի ըսաւ Շամխանի:
Ան աւելցուց, որ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն վերջ դնելու «կոշտ մօտեցման» պէտք է փոխարինեն շարունակական երկխօսութիւնը եւ շփումները: Ան շեշտեց, որ Կովկասը զգայուն ժամանակաշրջանի մը մէջ է՝ յայտնելով, որ ինք յոյս ունի, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան պիտի կարենան յաղթահարել լարուածութիւնը:
«Տարածաշրջանի բոլոր կողմերուն Իսլամական Հանրապետութեան կարեւորագոյն խորհուրդներէն են բարեդրացիական յարաբերութիւններու պահպանումը եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրները խաղաղ ուղիով կարգաւորելու միացեալ ջանքերը», նշեց Շամխանի:
Գրիգորեան իր կարգին շեշտեց, որ Իրան «կարեւոր դեր» կը կատարէ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան պահպանման առումով: