Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած ոճրային ականահարումներէն ետք Լիբանանի մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթին հետ կապ հաստատած է Իրաքի Հայոց ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներէն Պարոյր Յակոբեան:
Ան յայտնած է, որ ականահարումը տեղի ունեցած է Իրաքի Հայոց առաջնորդարանէն ու եկեղեցիէն յիսուն մեթր հեռաւորութեան վրայ՝ նիւթական ծանր վնասներ պատճառելով երկու շէնքերուն:
Յակոբեան վստահեցուցած է, որ առաջնորդարանի անձնակազմէն զոհեր եւ վիրաւորներ չկան, որովհետեւ պայթումը տեղի ունեցած է առաւօտեան կանուխ ժամերուն՝ պաշտօնէութեան ժամանումէն առաջ: