ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Երկուշաբթի, Յունուար 29ին սպառնաց խիստ միջոցառումներու դիմել Իրանի դէմ, եթէ Թեհրան «զինուորական գործողութեանց» դիմէ Իրաքի մէջ, որոնց հետեւանքով ամերիկացիներ կամ իրաքցի քաղաքայիններ վնասուին:
Քանի մը օր առաջ, Պուշ Իրաքի մէջ գործող ամերիկեան ուժերուն հրահանգած էր հոն գործող իրանցի գործիչները հալածել, ըստ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը:
Ըստ անոր, Իրաքի մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերուն իրաւասութիւն տրուած է «սպաննելու կամ գերի բռնելու» Իրանի գաղտնի սպասարկութեանց կամ իրանեան բանակի Յեղափոխութեան պահակներու անդամները, որոնք զինուորական կամ այլ տեսակի օժանդակութիւն կը տրամադրեն իրաքցի ըմբոստներուն:
Նոյն աղբիւրը նաեւ ըսած է, որ 2006ի աշունէն ի վեր օրըստօրէ կը շատնան այն գաղտնի տեղեկագիրները, թէ իրանցիներու Իրաքի մէջ միջամտութիւնը նոր թափ ու ծաւալ կը ստանայ:
«Իրանցիք Իրաքի մէջ մեր առաքելութիւնը առաջին օրէն կը դժուարացնեն եւ ցարդ ոչ մէկ գին վճարած են: Ասոր համար անհրաժեշտ դարձած է պայքարիլ ոչ միայն Իրաքի, այլեւ Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածքին մէջ իրանեան ազդեցութեան ուժեղացումին դէմ եւ ըստ այնմ՝ ասոր համար որդեգրուած է «սպաննէ՛ կամ գերի բռնէ՛» գործելաձեւը», ըսաւ նոյն պաշտօնատարը:
Իր կարգին, ՄԱԿի Հիւլէական ուժանիւթի համաշխարհային հիմնարկի տնօրէն Մուհամմատ Պարատէյ յայտնեց, որ Իրանի վրայ զինուորական յարձակում մը փորձանք պիտի ըլլայ: «Իրանի վրայ զինուորական յարձակում մը ոչ միայն օգտակար պիտի չըլլայ, այլ նաեւ՝ վնասակար», ըսաւ Պարատէյ, նշելով, որ նման քայլ մը պիտի ամրապնդէ դիրքը Իրանի մէջ այն անձերուն, որոնք կ՚ըսեն, թէ հիւլէական զէնքը անհրաժեշտ է ինքնապաշտպանութեան համար: