ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքեան եւ ամերիկեան գրաւման ուժեր զինուորական ընդարձակ գործողութեանց դիմեցին Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մօտ Սատր աւանին դէմ՝ առաւելաբար օդուժ օգտագործելով:
Ամերիկեան զինուորական աղբիւրները ըսին, թէ հարուածած են «իրանեան կապեր ունեցող» զինեալ բջիջներու կեդրոններ:
Իրաքեան աղբիւրներ յայտնեցին, թէ սպաննուած է աւելի քան 30 հոգի, որու մէկ մասը զինեալներ, իսկ ամերիկեան զինուորական աղբիւրներ, ընդունելով հանդերձ, որ խնդրոյ առարկայ շրջանին մէջ քաղաքայիններ կ’ապրին, պնդեցին, թէ անոնցմէ ոչ ոք զոհուած է:
Սատր աւանը կը գտնուի շիի կրօնապետ Մոքթատա Սատրի «Մեհտիի բանակ» կոչուած զինեալ կազմակերպութեան հակաշիռին տակ: Ամերիկեան ուժերը կ’ամբաստանեն այս զինեալները Իրանէն զրահապատ խորտակող պայթուցիկներ Իրաք բերելու եւ ամերիկեան ուժերուն դէմ գործածելու յանցանքով:
Այս դէպքին զուգընթաց, տասնեակ հազարաւոր շիի իրաքցիներ սկսան երենց տարեկան մէկ ուխտագնացութեան, դէպի Պաղտատի հիւսիսը գտնուող կրօնական ուխտատեղի մը, իսկ վարչապետ Նուրի Մալիքի Իրան մեկնեցաւ: Նաեւ, Դամասկոսի մէջ միջազգային հանդիպում մը սկսաւ, քննելու համար Իրաքի հետ սահմանային ապահովութեան առնչուող հարցեր: