ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրաքի մէջ Նոյեմբեր 10ի լոյս 11ի գիշերը, մարտական յանձնարարութիւն կատարելու ընթացքին վիրաւորուեցաւ հայ խաղաղապահներու ականազերծման մասնագէտ ջոկատի հրամանատար, սպայ Գէորգի Յարութիւնի Նալբանդեան:
Վիրաւոր հայ սպան տեղափոխուեցաւ Գերմանիոյ ամերիկեան զինուորական հիւանդանոց, ուր անդամահատուեցաւ անոր ոտքը:
Այս առնչութեամբ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր հրապարակած հաղորդագրութեանով խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Իրաքի մէջ հայ սպային վիրաւորուելուն կապակցութեամբ եւ կ’աւելցնէ ըսելով, որ Իրաքի մէջ գործող հայկական զօրախումբը կ՚իրականացնէ չափազանց կարեւոր, բայց միեւնոյն ժամանակ վտանգաւոր աշխատանք՝ երկրին մէջ խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատման համար։
«Մենք կ՚ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել վիրաւորուած զինուորին եւ անոր հայ գործընկերներուն՝ ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարին մէջ անոնց կատարած կարեւոր դերակատարութեան համար», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, որ Գէորգի Նալբանդեանի հետ կատարուած դէպքին ընթացքին սպաննուած էին լեհ եւ սլովաք զինուորականներ: