ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ», «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի օր Իրաքի մէջ քաղաքական տագնապը նոր զարգացում մը արձանագրեց եւ խորացաւ, երբ 5 սիւննի նախարարներ եւս որոշեցին, թէ պոյքոթի պիտի ենթարկեն կառավարութեան նիստերը: Նոյն օրը, անձնասպանական արարք մը պատճառ դարձաւ առնուազն 28 հոգիի սպանութեան, Իրաքի հիւսիսը, ներառեալ 19 երեխաներ:
Վարչապետ Նուրի Մալաքիի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած այս նոր ճեղքը արձանագրուեցաւ այն պահուն, երբ ամերիկացի զինուորական պաշտօնատարներ սկսած էին պնդել, թէ ապահովական բնագաւառէն ներս յառաջխաղացք սկսած է արձանագրուիլ: Հրաժարեալ նախարարները նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուիի համակիրներ էին:
Անոնք Մալիքին կ՚ամբաստանեն շիի միլիսները հակակշռել ձախողելուն եւ ապահովական հարցերուն մէջ բոլոր կուսակցութիւններուն կարծիքը նկատի չունենալուն համար:
Այս ձեւով, կառավարութեան մէջ սիւննիներու ներկայութիւնը գրեթէ աննշան կը դառնայ:
Երկրի նախագահ Ճալալ Թալապանի, որ կը փորձէ միջնորդել սիւննի պլոքի վերադարձին համար, Երկուշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի դեսպան Ռայըն Քրաքըրի հետ:
Ուաշինկթընի մէջ, պետական բաժանմունքի բանբեր մը յայտարարեց, թէ ամերիկեան իշխանութիւնները սերտօրէն կը գործակցին Իրաքի կառավարութեան հետ եւ խուսափողական արտայայտութիւններ ունեցաւ ներկայ տագնապի նորագոյն զարգացումին կապակցութեամբ:
Ապահովական գետնի վրայ, Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերը յայտարարեցին, որ սպաննած են «Քայիտա»ի այն անդամը, որ ղեկավարած է շիի սրբավայրի մը դէմ յարձակումներ, որոնք պատճառ դարձան, որ միջհամայնքային բռնարարքները նկատառելի աճ արձանագրեն:
Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Հայսամ Պատրի կը կանգնէր 2006 թուականին եւ 2007 թուականին Սամարայի մէջ Ասքարի իմամներու սրբավայրին դէմ կատարուած յարձակումներուն ետին. այդ յարձակումները քանդեցին սրբավայրին գմբէթը եւ մինարէները: Կը հաղորդուի, թէ Պատրիի հարազատները հաստատած են, որ դիակը իրն է:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ նաեւ նշեցին, թէ Պատրի, որ Սալահէտտին նահանգի «Քայիտա»ի ղեկավարն է, Հինգշաբթի օր Սամարայի արեւելքը սպաննուած է Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերուն կողմէ: Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւնը կը զուգադիպէր Պաղտատի արեւելեան շրջանին վառելանիւթի կայանի մը դէմ հրասանդային հրթիռներու յարձակումին պատճառով առնուազն 11 հոգիի սպանութեան եւ 15 ուրիշներու վիրաւորուելուն: Վառելանիւթի մօտակայ կայանի մը մէջ յարձակումի ենթարկուեցան եւս 6 հոգի:
Աւելցնենք, որ Պաղտատի մէջ, Ամերիկայի եւ Իրանի դեսպանները Երկուշաբթի օր հանդիպում մը եւս ունեցան: Ամերիկեան դեսպանատան բանբեր մը «անկեղծ եւ լուրջ» որակեց խօսակցութիւնները: