ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ին, Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը ազատ արձակեց Երեքշաբթի գիշեր ձերբակալուած ութ իրանցիներ, երբ ի յայտ եկաւ, որ անոնք Իրաքի ելեքտրականութեան նախարարութեան կողմէ Պաղտատ հրաւիրուած էին Իրաքի մէջ ուժանիւթի նոր կայան մը կառուցելու:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս գծով բողոք ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, Թեհրանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանին ճամբով: Նկատի ունենալով, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ դիւանագիտական կապերը խզուած են, Զուիցերիա կը կատարէ երկու երկիրներու միջեւ միջնորդի դերը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը «անբացատրելի» որակեց իրանցիներու ձերբակալութիւնը:
Յայտնենք, թէ ամերիկացի զինուորները իրանցիները ձերբակալած էին անոնց պանդոկին մէջ: Անոնք նախապէս անցարգելի մը վրայ հարցաքննած էին զանոնք ու ապա արտօնած, որ պանդոկ մեկնին:
Յատկանշական է, որ այս միջադէպէն քանի մը ժամ առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ դարձեալ յայտարարած էր, թէ Իրան նեցուկ կը կանգնի Իրաքը անկայուն պահելու նպատակով աշխատանք տանող կազմակերպութեանց եւ դատապարտած էր Թեհրանի հիւլէական ծրագիրները, պնդելով, թէ անոնք կրնան «հիւլէական ողջակիզում»ի մը պատճառ դառնալ Միջին Արեւելքի մէջ:
Իրանի իշխանութիւնները Չորեքշաբթի օր անհիմն համարեցին Պուշի ամբաստանութիւնները:
Իր կարգին, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Երեքշաբթի օր յայտարարած էր, թէ Իրաքը արդէն իսկ սկսած է դուրս գալ ամերիկեան հակակշռէն եւ աւելցուցած էր, թէ Իրան պատրաստ է երկիրը կայունացնելու պատասխանատուութիւնը ստանձնել ու ամերիկեան նահանջին պարապը լեցնել:
Միւս կողմէ, աւելի քան 50 զոհ խլած երկօրեայ զինեալ բախումներէ ետք, շիի կրօնապետ Մուքթատա Սատր Չորեքշաբթի օր կոչ ըրաւ իրեն համակիր զինեալներուն, որ զուսպ մնան՝ մինչ «Մեհտի» բանակը վերադասաւորելու աշխատանք կը տարուի: