ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22ին յայտարարեց, որ Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերը հինգ զոհ եւս տուած են Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու ընթացքին:
Զինուորները սպաննուած են Պաղտատէն արեւմուտք գտնուող շրջանին մէջ: Չորսը սպաննուած են Հինգշաբթի օր, իսկ հինգերորդը՝ Ուրբաթ օր, Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը հասցնելով 76ի:
«Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան տուեալներուն համաձայն, Իրաքի ներխուժումէն ի վեր սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 2964ի հասած է:
Իրաքի ոստիկանութիւնը նաեւ հաղորդեց, թէ Ուրբաթ օր յայտնաբերուած են սպաննուած 21 իրաքցիներու դիակները, իսկ երկու յարձակումներու ընթացքին սպաննուեցան եւս երեք ուրիշներ:
Միւս կողմէ, Ուրբաթ օր Իրաքէն Միացեալ Նահանգներ վերադարձած պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյթս Շաբաթ օր հանդիպում մը պիտի ունենայ նախագահ Ճորճ Պուշի հետ, իր խորհրդակցութեանց արդիւնքները փոխանցելու համար անոր: