ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքեան եւ ամերիկեան ուժերը վերջին քանի մը օրերուն տուն առ տուն կը խուզարկեն կեդրոնական Պաղտատի Հայֆա թաղամասին շրջակայքը եւ այս գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած են քանի մը տասնեակ կասկածելիներ: Նոյն շրջանին մէջ նախանցեալ օր սաստիկ բախումներու ընթացքին սպաննուած էին աւելի քան 50 զինեալներ:
Իրաքի պաշտպանութեան նախարար Ապտուլ Քատէր Օպէյտի յայտարարեց, որ անցեալ Շաբաթ օր նոյն թաղամասին մէջ 27 հոգիի սպանութիւնը պատճառ դարձաւ այս գործողութիւններու շղթայազերծումին:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի միջեւ համաձայնուած ապահովական նոր ծրագիրին գործադրութիւնը արդէն սկսած է:
Նախարարը ըսաւ, որ այս ծրագիրը կը բաղկանայ չորս հանգրուաններէ: Մալիքիի օգնականներ եւ խորհրդականներ յայտնեցին, որ այս ծրագիրը նախ եւ առաջ պիտի հարուածէ սիւննի ըմբոստները եւ ոչ թէ համայնքային սպանութիւններ գործող շիի զինեալները:
Իսլամ կրօնաբաններու միութեան ղեկավարը՝ շէյխ Հարիս Տարի, որ երկիրին ամէնէն ազդեցիկ սիւննի անձնաւորութիւնն է, Չորեքշաբթի օր լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ, որ Իրաքի կառավարութիւնը իր պարտականութիւնը կը նկատէ ջարդեր գործել, ձերբակալել, առեւանգել եւ բռնի տեղահանութեան ենթարկել սիւննիները: Անիկա իր պատասխանատուութիւնը չի սեպեր իսկական ապահովութիւնը, տնտեսութիւնը կամ իրաքցի ժողովուրդին տարրական կարիքներն ու ծառայութիւնները ապահովելը:
«Այժմ կ՚ուզեն ամերիկացի նախագահ Ճորճ Պուշի գործակցութեամբ գործադրել ապահովութեան նոր ծրագիրը: Անոր նպատակն է պաշարել եւ յարձակումներ գործել սիւննիներու գիւղերուն ու քաղաքներուն վրայ եւ հաշուեյարդարի ենթարկել դիմադրութեան կողմնակից երիտասարդները», ըսաւ ան:
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օր Իրաքի տարածքին տեղի ունեցած յարձակումները 100 աւելի զոհեր խլեցին: