ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ ամառնային արձակուրդէն վերադարձած Իրաքի խորհրդարանը կը փորձէր կարգ մը քայլերու դիմել երկրին մէջ շարունակուող քաղաքական անհամաձայնութեան շուրջ ամերիկեան Քոնկրէսի մէջ Իրաքի հասցէին շարունակուող քննադատութիւնները մեղմացնելու նպատակով, Պաղտատի մէջ յարձակումները շարունակեցին նոր զոհեր խլել:
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5ին, ընդհանրապէս շիիներով բնակեցուած արեւելեան Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած պայթումի մը հետեւանքով առնուազն 11 քաղաքայիններ սպաննուեցան եւ վիրաւորուեցան 19 ուրիշներ:
Նոյն օրը, հիւսիսային Իրաքի Մոսուլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական յարձակումի մը ընթացքին սպաննուեցաւ նաեւ իրաքցի ոստիկան մը եւ վիրաւորուեցան 26 ուրիշներ:
Նաեւ, Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը Չորեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ վերջին երկու օրերուն ամերիկացի չորս զինուորներ եւս սպաննուած են Պաղտատի մէջ:
Միւս կողմէ, Իրաքի իշխանութիւնները Չորեքշաբթի օր Ֆալուճայի մէջ ազատ արձակեցին մօտաւորապէս 200 սիւննի բանտարկեալ, իբրեւ բարիկամեցողութեան քայլ իսլամական Ռամատան ամսուան առիթով:
Նաեւ, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Չորեքշաբթի օր Նաճաֆի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շիի կրօնապետ այաթոլլա Ալի Սիսթանիի հետ, անոր հետ քննելով երկրին կառավարութեան դիմագրաւող հարցերը:
Մալիքիի կառավարութիւնը իր վարկը զգալիօրէն կորսնցուցած է, որովետեւ սիւննիներն ու շիի կրօնապետ Մուքթատա Սատրի համակիրները որոշած են իրենց նախարարները քաշել դահլիճէն:
Մալիքի յայտնեց, թէ կը քննէ մասնագէտներէ բաղկացած ամբողջովին նոր կառավարութեան մը կազմութեան կարելիութիւնը: