ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի շիի քաղաքական ղեկավարներ Կիրակի, Հոկտեմբեր 1ին կոչ ուղղեցին կառավարութեան կազմը արմատական փոփոխութեան ենթարկելու։
Անոնք այս յայտարարութիւնը կատարեցին անցեալ շաբաթ կատարուած ձերբակալութեան մը լոյսին տակ: Արդարեւ, ամերիկացի զինուորներ ձերբակալած էին սիւննի քաղաքական ղեկավար Ատնան Տուլայմիի թիկնապահը, որ իբրեւ թէ կը ծրագրէր անձնասպանական գործողութիւններ եւ հաւանաբար կապեր ունէր նաեւ «Քայիտա»ի հետ։
Շիի քաղաքական անձնաւորութիւններ զայրոյթով արտայայտուեցան ձերբակալութեան դէմ, եւ խորհրդարանական պլոքներուն միջեւ լարուածութիւնը սրեցաւ։
Թիկնապահը ձերբակալուեցաւ Ուրբաթ օր՝ Ատնան Տուլայմիի բնակարանին մէջ։
Շիի պլոքի երեսփոխաններէն Պահա Արաժի, որ շիի ըմբոստ կրօնաւոր Մուքթատա Սատըրի խմբաւորումին մաս կը կազմէ, ըսաւ, թէ կառավարութեան մէջ պէտք է նշանակուին նոր նախարարներ՝ յատկապէս ապահովութեան եւ տարրական ծառայութիւններ մատակարարող նախարարութիւններու մէջ։