Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ կը շարունակէ զբաղիլ Լաչինի միջանցքի վերաբացման հարցով, որ Ուաշինկթընի կարճաժամկէտ առաջնահերթութիւնն է։ «Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ այս մասին ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահի Երեւան տուած այցելութեան անդրադառնալով՝ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր։
Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգներու երկարաժամկէտ առաջնահերթութիւնն է՝ «որքան կարելի է շուտ հասնիլ ընդհանուր հարցի խաղաղ լուծման»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ ի՛նչ է արտաքին գործոց նախարարութեան ուղերձը՝ տառապող հայ քրիստոնեաներուն ուղղուած՝ Միլըր ըսաւ. «Մենք կ՛ուզենք, որ Լաչինի միջանցքը անյապաղ բացուի։ Մենք այդ մէկը յստակօրէն ըսած ենք։ Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն կը համագործակցի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ՝ յստակացնելու, որ մենք կ՛ուզենք, որ Լաչինի միջանցքը անյապաղ բացուի՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իսկապէս սարսափելի մարդասիրական կացութիւնը լուծելու համար»։
Յայտնենք, որ 14 Սեպտեմբերին, Երեւանի Մէջ Լուիս Պոնօ տեսակցեցաւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։