Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բոյսերու որակի ոլորտին մէջ իրաւասու մարմիններու ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդակցութիւններ կ՛ընթանան՝ յառաջացած հարցերը արագօրէն լուծելու նպատակով:
Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, թէ 1 Դեկտեմբերին, Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի հարթակին վրայ տեղի ունեցաւ անմիջական խորհրդակցութիւն մը Վերին Լարսի անցակէտին մէջ ստեղծուած իրավիճակի քննարկման նպատակով: Իբրեւ արդիւնք՝ 2 Դեկտեմբերէն սկսեալ, Լարսի անցակէտը բաց է ամէն տեսակի փոխադրամիջոցներուն, որոնց կարգին՝ արագ փճացող գիւղատնտեսական արտադրութիւն տեղափոխող բեռնատարներուն համար: