ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ճատրակիստ Լեւոն Արոնեանը փայլուն յաղթանակով աւարտեց Հոլանտայի Վէյք ան Զէյէ քաղաքին մէջ կազմակերպուած «Քորուս» ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքը եւ հաւաքելով 8.5 կէտ (նոյնքան կէտեր ունին նաեւ պուլկարացի Վեսելին Թոփալովը եւ ազերի Թէյմուր Ռաճապովը)՝ լաւագոյն լրացուցիչ չափանիշներով հռչակուեցաւ ախոյեան:
Մրցաշարքի վերջին փուլին, Արոնեան յաղթեց ռուս ճատրակիստ Սերկէյ Տիւեաքովին, իսկ Թոփալով եւ Ռաճապով հաւասարեցան:
Յիշեցնենք, որ այս մրցաշարքը կը համարուի աշխարհի ամենահեղինակաւորներէն մէկը:
Թոփալով գրաւեց 2րդ, իսկ Ռաճապով՝ 3րդ դիրքը:
Նոյն մրցաշարքի Բ. խումբին մէջ մրցող՝ Հայաստանի միւս ներկայացուցիչ Գաբրիէլ Սարգսեան, հաւաքելով 8 կէտ, գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Մրցաշարքի այս խումբի յաղթանակը 9 կէտով նուաճեց Փաւէլ Էլեանովը՝ Ուքրանիա: