Ֆրանսական «Լը Փուեն» թերթի փոխխմբագիր Էթիէն Ժեռնել օրաթերթի 24 Նոյեմբերի թիւի խմբագրականին մէջ «Մսավաճառ Էրտողանը Եւ Քնաշրջիկ Արեւմուտքը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Մրափը Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ մահաբեր սովորութիւն կը դառնայ»:
Ան կը նշէ, որ Թուրքիոյ նախագահը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրտական դիրքերու ռմբակոծումին ձեռնարկած է եւ կը խոստանայ նոյնիսկ ցամաքային գործողութեան ձեռնարկել: Այս բոլորին մէջ, ան ամէնէն աչքառու իրողութիւնը կը նկատէ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ այդ առնչութեամբ Ճօ Պայտընի կամ Վլատիմիր Փութինի հետ «որեւէ քննարկում» չէ կատարած:
Խմբագրականի հեղինակը կը յայտնէ, որ այդ Ուաշինկթընի համար յաւելեալ վարկաբեկում մըն է:
Ան կը գրէ, որ Էրտողան 2018էն ի վեր ուղղակի քիւրտերուն դէմ միջամտութիւններ կը կատարէ: Ան իսլամ ահաբեկիչներու օգնութեամբ Աֆրինը կը գրաւէ, սակայն Արեւմուտքը լուռ կը մնայ: Ան կը սպառնայ ՆԱԹՕի անդամ Յունաստանին, տէր կը կանգնի օսմանական կայսերական անցեալին, Եգէականի մէջ ծովային պատերազմական փորձեր կը կատարէ, կը հովանաւորէ «Իսլամ եղբայրները», կ՛աջակցի Ատրպէյճանի՝ «իր միւս մեծ ատելութեան»՝ Հայաստանի վրայ յարձակումը իրականացնելով, սակայն Արեւմուտքի մէջ ոչ մէկ շարժում կայ անոր դէմ: Եւ երբ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ՆԱԹՕի միացումին դէմ պայման կը դնէ իրեն յանձնել իր քաղաքական ընդդիմախօսները, դարձեալ հակազդեցութիւն չ՛ըլլար:
Ան խմբագրականը կ՛եզրափակէ՝ Արեւմուտքը նմանցնելով «տկար ու մոլորած» մարդու մը: