ՆԱՀՐ ԷԼ ՊԱՐԷՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունիս 12ին, լիբանանեան բանակին աղբիւրները հաղորդեցին, թէ հիւսիսային Լիբանանի Նահր էլ Պարէտ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ ապաստանած «Ֆաթհ իսլամ»ի երկու դիրքեր եւս գրաւած է եւ կը յառաջանայ դէպի անոնց «Սամէտ»ի դիրքը։
Նոյն օրը, շրջանին մէջ լիբանանեան բանակի դիրքերը աւելի եւս ամրապնդուեցան, մինչ բանակի ռմբակոծման տարողութիւնը նոր մագլցում կ’արձանագրէր։ Բանակը նաեւ հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի օր «Ֆաթհ իսլամ»էն երեք զինեալներ եւս կրցած է ձերբակալել։
Մինչ արդէն իսկ չորրորդ շաբաթը թեւակոխած բախումները կը շարունակուէին, լիբանանեան Կարմիր խաչը եւ պաղեստինեան Կարմիր մահիկը կրցան Նահր էլ Պարէտէն դուրս բերել մօտաւորապէս 100 գաղթականներ եւս, զանոնք փոխադրելով պաղեստինեան Պատտաուիի գաղթակայան: