Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին գումարեց նիստ մը՝ մասնակցութեամբ երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունիի եւ Ճորճ Քասարճիի, նախկին երեսփոխաններ Ժաք Չուխատարեանի եւ Նուրիճան Տէմիրճեանի, նախկին նախարարներ Սեպուհ Յովնանեանի, Շահէ Պարսումեանի եւ Ալէն Թապուրեանի։ Նիստը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի եւ ներկայութեամբ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներու։
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին մէջ տիրող ներկայ տագնապալի իրավիճակը եւ ցաւ յայտնուեցաւ, որ խորհրդարանի նախագահին հրաւիրած խորհրդակցութեան նիստը անել կացութեան մատնուած է, մինչդեռ անոր նպատակն էր լուծել Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը։ Խորհուրդը նշեց, որ համայնքային գրգռութիւններու հրահրումը եւ զոհերու արձանագրումը կը բարդացնեն հարցը եւ կը խախտեն քաղաքացիական խաղաղութիւնը, ինչ որ կտրականապէս մերժելի է։ «Ասիկա կարմիր գիծ մըն է, զոր պէտք չէ շրջանցել», շեշտուեցաւ քաղաքական խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Հաղորդագրութիւնը նշեց նաեւ, որ քաղաքական խորհուրդը յոյս ունէր, որ ազգային խորհրդակցութեան նիստը յանգէր ընդդիմութեան մտավախութիւններու փարատումին, սակայն դժբախտաբար այդպէս չեղաւ եւ կացութիւնը աւելի վատթարացաւ, մինչեւ որ ընդդիմութիւնը ստիպուեցաւ փողոց իջնել եւ դիմել մագլցողական քայլերու, որոնք դրսեւորուեցան իբրեւ ցոյց եւ բաց նստացոյց։
Քաղաքական խորհուրդը ընդգծեց, որ հարկ է բոլոր կողմերը մասնակից դառնան կառավարութեան տուած այն որոշումներուն, որոնք ուղղակի երկրին ճակատագիրին կը վերաբերին, որովհետեւ Լիբանանի հարցերը լուծելու պատասխանատուութիւնը բոլորին պարտականութիւնն է եւ ոչ՝ քաղաքական մէկ կողմի։ «Հարկ է հեռանալ մենատիրութենէ եւ կառչած մնալ ազգային համերաշխութեան սկզբունքին՝ բանիւ եւ գործով։ Այս կառավարութիւնը իր ազգային սահմանադրական ուխտի տրամաբանութիւնը կորսնցուցած է, որովհետեւ անոր մաս չեն կազմեր երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող հիմնական համայնքի մը զաւակները, ինչ որ կը հակադրուի ազգային համերաշխութեան սկզբունքին։ Հետեւաբար, կառավարութիւնը այսօր կոչուած է սրբագրել արձանագրուած խախտումը՝ համախոհութեան միտող նախաձեռնութեան մը դիմելով։ Այս առումով միակ լուծումը կը մնայ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը։ Կառավարութիւն մը, որուն մէջ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովուի, ըլլայ հաւասարակշռուած եւ ներկայացնէ բոլոր համայնքները, որոնք հաւասարապէս պատասխանատու պիտի ըլլան Լիբանանի դիմագրաւած զանազան հարցերու լուծման։ Որքան արագ ըլլայ այս լուծումին որդեգրումը, այնքան աւելի քիչ կ՚ըլլայ երկրին մէջ ստեղծուող խուճապը։ Հայրենիքին հզօրացման առաջին քայլերն են՝ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը, ընտրական նոր եւ արդար օրէնքի մշակումը՝ խորհրդարանին մէջ ժողովրդային ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու եւ Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերը իսկական ձեւով ներկայացնելու համար», ընդգծեց հաղորդագրութիւնը։
Քաղաքական խորհուրդը շեշտեց, որ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան կազմութենէն ի վեր լիբանանահայութիւնը անիրաւուած կը մնայ, որովհետեւ կառավարութեան մէջ «հայկական ներկայացուցչութիւն»ը ոչ մէկ ձեւով կը գոհացնէ լիբանանահայութեան իղձերը։
«Կառավարութիւնը մնայուն կերպով անտեսած է լիբանանահայութեան կեցուածքներն ու պահանջները, որոնցմէ վերջինը՝ լիբանանահայութեան քաղաքական բոլոր թեւերուն եւ յարանուանութիւններուն ներկայացուցած այն պահանջը, որ թրքական ուժեր չմիանան հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող ՄԱԿի ուժերուն։ Կառավարութիւնը անտեսեց լիբանանահայ համայնքապետերուն եւ կուսակցութիւններուն մերժումը՝ թրքական ուժերուն Լիբանան ժամանումին։ Այս բոլորին կողքին, կառավարութիւնը թերացաւ նաեւ երկիրին մէջ քաղաքական կայունութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային հարցերը լուծելու իր առաքելութեան մէջ», եզրափակեց հաղորդագրութիւնը։