Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ապրուստի անյետաձգելի պահանջներու ու թնճուկներու մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ, Լիբանանի ղեկավարները շարունակեցին իրենց ճիգերը՝ փորձելով լաւատեսութեան մթնոլորտ ստեղծել քաղաքացիներուն մօտ:
Այս իմաստով, Լիբանանի անկախութեան 79րդ տարեդարձը, անկախութեան կերտիչներուն ուղղուած յարգանքի տուրքի իր աւանդական արարողութիւններով՝ գլխաւոր առիթ հանդիսացաւ խոստմնալից քայլերով դրական եւ լաւատես տրամադրութիւն հաղորդելու:
Արդարեւ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի «աւետեց», թէ Սննդեղէնի համաշխարհային խորհուրդը յառաջիկայ երեք տարիներուն համար պիտի շարունակէ իր օժանդակութիւնները Լիբանանի կարիքաւոր ընտանիքներուն, բարեփոխուած համեմատութեամբ: Այլ խօսքով, ցարդ տրամադրուած օժանդակութիւններուն եօթանասուն առ հարիւրը կը յատկացուէր Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն, իսկ մնացեալը՝ լիբանանցի կարիքաւորներուն: Ըստ օժանդակութեան բարեփոխուած տարբերակին՝ լիբանանցիները եւ սուրիացիները յիսուն առ հարիւրական համեմատութեամբ պիտի ստանան սննդեղէնի նշեալ օժանդակութիւնը: Միքաթի նաեւ ընդգծեց, որ շեշտած է տրամադրուելիք սննդեղէնը գնել լիբանանեան շուկայի արտադրութիւններէն: Իր կարգին, համաշխարհային սննդեղէնի պատասխանատու Ապտալլա Ուարտաթ հաւաստեց, որ նաեւ կրթական օժանդակութիւններ պիտի յատկացուին:
Իսկ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն հետեւելու կարելիութիւն ստեղծելու համար, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ աւետեց, թէ լիբանանցիները օրական տասը ժամ հերթականութեամբ ելեկտրական հոսանք պիտի ստանան, անմիջապէս որ պատկան կողմերուն հետ պայմանագրութիւնը վաւերացուի:
Նաեւ, Բնակարանային դրամատան՝ «Պանք Իսքան»ի տնօրէնը յայտնեց, որ հաւանութիւն գոյացած է 165 միլիոն տոլար հաշուող քուէյթեան օժանդակութեան մը գծով՝ դիւրացնելու համար լիբանանցիներու բնակարանային սեփականութեան կարիքներու իրականացումը:
Մինչ այդ, անկախութեան 79րդ տարեդարձի նախօրեակին, «Հայրենիքը պատասխանատուութիւն է» կարգախօսով, պաշտօնատարներ լիբանանցի ժողովուրդին անունով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Լիբանանի անկախութեան կերտիչ հերոսներուն յիշատակին:
Բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աուն անկախութեան տօնի նախօրեակի յատուկ իր պատգամին մէջ շեշտեց Լիբանանի անդորրութեան ու ապահովական կայունութեան պահպանման բանակի յանձնառութիւնը: «Պիտի արգիլենք որեւէ արարք, որ որեւէ պատրուակով կը փորձէ խախտել երկրի անդորրը», ընդգծեց զօր. Աուն:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց սահմանադրական հաստատութիւններու եւ օրէնքներու կիրարկումը, որոնցմով միայն կարելի է կերտել պետութիւնները եւ պահպանել սերունդներու ապագան:
«Առանց հայրենիքի, անկախութիւնը անիմաստ է», շեշտեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Պուչիքեան: «Փա՜ռք այն ազգին, որ կը հագուի այն՝ ինչ որ կը հիւսէ, կ՛ուտէ այն՝ ինչ որ կը ցանէ ու կը խմէ այն, ինչ որ կը քամէ», ընդգծեց Պուչիքեան՝ մէջբերելով Լիբանանի հանրածանօթ գաղափարախօս, մտաւորական Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի խօսքերէն պատառիկներ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ի՛ր ոճով շնորհաւորեց լիբանանցիները՝ դիտել տալով տասնամեակներու ընթացքին Լիբանանի անկախութեան ամրագրման ճիգերը: «Լիբանանի անկախութիւնը կերտուած է 79 տարիներ առաջ, հերոսներու կողմէ ու երկիրը տարիներու ընթացքին զարգացած ու բարգաւաճած է, սակայն ո՞ւր ենք մենք այսօր», հարց տուաւ Պըրրի: