ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Փետրուար 13ին, Պէյրութէն հիւսիսարեւելք, Պիքֆայայի ճամբուն վրայ, Այն Ալաքէն անցնող երկու փոքր հանրակառքերու մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն պատճառով սպաննուեցան առնուազն երեք քաղաքայիններ եւ վիրաւորուեցան 18 ուրիշներ: Նախապէս հաղորդուեցաւ, թէ զոհերուն թիւը 9-12ի միջեւ է, սակայն ոստիկանութեան համաձայն պայթումներուն պատճառով միայն երեք զոհ արձանագրուած է։
Երեսփոխան Սաատ Հարիրի յայտարարեց, որ այս արարքին նպատակը ժողովուրդը վախցնելն է, որպէսզի Չորեքշաբթի օր ծրագրուած հաւաքին չմասնակցի։ Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի օր (այսօր) Պէյրութի մէջ հաւաք մը ծրագրուած է՝ նշելու համար նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան տարելիցը: