Ուրբաթ, 27 Յունուարին, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, Շրջանային վարչութեան եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան դիւանները, Շրջանային վարչութեան մօտ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, Գեղարուեստի դպրոցներուն մօտ խնամակալութեան ներկայացուցիչը, կրթական եւ վարչական տնօրէնները, այցելեց Լիբանանի մշակոյթի նախարարութիւնը, ուր տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու եւ նախարարութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի (MOU) ստորագրութիւնը:
Այս համաձայնագիրով, Համազգայինի եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ արուեստի եւ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան նոր առիթներ պիտի ստեղծուին, նաեւ` այս յուշագիրին հիմամբ, այսուհետեւ գեղարուեստի դպրոցները («Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճ, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի եւ կարպետի դպրոցներ, «Գայեանէ» պարարուեստի եւ պալէի դպրոցներ, «Կարկաչ» երգչախումբ, «Արեգ» թատերական դպրոց) կը ճանչցուին մշակոյթի նախարարութեան կողմէ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ շատ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի գործունէութիւնը, թէ անիկա հիմնադրուած է 95 տարիներ առաջ եւ տարածուած է 19 երկիրներու մէջ, ուր կը գործեն երգչախումբեր, թատերախումբեր, պարախումբեր եւ մշակոյթի այլ խմբաւորումներ: Քէշիշեան դիտել տուաւ, որ այս ստորագրութիւնը նոր գործակցութեան մը սկզբնաւորութիւնն է մշակոյթի նախարարութեան եւ Համազգայինին միջեւ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` այս դժուար օրերուն Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ ներդրած ջանքերուն համար:

Մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատա ողջունեց հիւրերը, իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար, որովհետեւ, ըստ իրեն. «Լիբանանի մէջ տիրող դժուար կացութեան մէջ, իբրեւ մշակոյթի նախարարութիւն գեղեցիկ բան մը կ՛իրականացնենք»: Նախարարը շեշտեց, որ այս նախաձեռնութիւնը առիթ է յիշեցնելու բոլոր լիբանանցիներուն, թէ այսպիսի պայմաններու մէջ ի՛նչ պէտք է ընենք: «Ես հայ չեմ, սակայն շատ կապուած եմ հայերուն: Եթէ լիբանանցիները որոշեն բարելաւել իրենց ընթացքը, պէտք է նային հայերուն, թէ ի՛նչ ըրին Լիբանանի մէջ հաստատուելնէն ի վեր, օրինակ առնեն անոնցմէ եւ նոյնը ընեն: Հայերը շատ վատ պայմաններու մէջ հասան Լիբանան, սակայն բնաւ չյուսահատեցան եւ որոշեցին ապրիլ եւ ապրիլ կանոնաւոր կերպով, միասնական, գործակցաբար լիբանանցիներուն հետ, միշտ պահպանելով իրենց մշակոյթը», շեշտեց մշակոյթի նախարարը` աւելցնելով, թէ լիբանանցիներու հարցը այն է, որ յուսահատած են, գիտակից չեն, որ ունին այս երկիրը, որ շնորհ մըն է իրենց համար եւ որոշած են իրարու հետ չապրիլ, կորսնցնել իրենց մշակութային ինքնութիւնը եւ աւելի շատ կապուածութիւն ունենալ դուրսի երկիրներուն հետ, քան` Լիբանանի:
«Մշակոյթի նախարարութեան հիմնական աշխատանքը պէտք է ըլլայ արթնցնել ժողովուրդը: Լիբանանցիները արթուն չեն գիտակցելու, որ ունին արժէքաւոր երկիր մը, նաեւ` թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, որպէսզի կարենան յարատեւել, մինչ երբ դուք հասաք Լիբանան եւ յատկապէս Այնճար, որ թիթեղաշէն էր, զայն ծաղկեցուցիք եւ վերածեցիք կանոնաւոր եւ կոկիկ վայրի մը, ուր մարդիկ մաքուր կը պահեն միջավայրը, կը պահպանեն իրենց լեզուն եւ բարբառը», հաստատեց Մուրթատա` աւելցնելով, թէ այս տեսակ մարդիկ արժանի են, որ Աստուած իրենց կողքին ըլլայ եւ իրենց օգնէ:
Եզրափակելով իր խօսքը` նախարար Մուրթատա ըսաւ. «Մշակոյթի նախարարութեան համար առանձնաշնորհում է գործակցիլ ձեզի հետ: Ես մեծապէս կը յարգեմ եւ կը գնահատեմ ձեզ եւ կ՛ուզեմ միշտ յիշէք, որ ձեզմէ կը պահանջուի շատ բան տալ լիբանանցի ժողովուրդին, որպէսզի վերջինս դասեր քաղէ ձեզմէ, թէ ինչպէ՛ս ան որ կը տանջուի` չի յանձնուիր եւ իր ձեռքերով կը կերտէ իր ճակատագիրը»: Աւարտին տեղի ունեցաւ համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման յուշագիրի