ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ Չորեքշաբթի, Յունուար 17ին իր բնակարանին մէջ կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին վերահաստատեց, որ յառաջիկայ Յունուար 20ին Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան ընդդիմացող քաղաքական ուժերը գործադրութեան պիտի դնեն իրենց մագլցողական քայլերը, որոնք արդէն իսկ որոշուած են։
Քարամէ յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող ներկայ քաղաքական տագնապին լուծումը անկարելի է, որովհետեւ դժբախտաբար մինչեւ օրս ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կայ, որուն շուրջ բոլոր կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած ըլլան։
Քարամէ շեշտեց, որ իշխանամէտ ուժերը խորհրդարանի փոխնախագահին գլխաւորութեամբ նիստ մը պիտի չհամարձակին գումարել եւ ընդգծեց, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնը միասնակամ է, ու իշխանութիւնը պիտի չկարենայ պառակտել զայն։