ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութենէն հրաժարած «Հըզպալլա»ի անդամ նախարար Մուհամմատ Ֆնէյշ Ուրբաթ, Յունուար 5ին բացայայտեց, թէ շաբաթ մը առաջ Սէուտական Արաբիա այցելած է կուսակցութենէն պատուիրակութիւնը մը, որ սէուտական իշխանութեանց ներկայացուցած է Լիբանանի կացութեան վերաբերեալ «Հըզպալլա»ի տեսակէտը, ինչպէս նաեւ ընդդիմութեան պահանջները։ Մինչ այդ, ընդդիմութիւնը 36րդ օրն ըլլալով շարունակեց իր բաց նստացոյցը։
Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին հետ իր տեսակին մէջ աննախընթաց այս հանդիպումին ներկայ եղած է նախկին նախարարն ու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարին տեղակալը՝ շէյխ Նայիմ Քասէմ:
Ֆնէյշ դրական համարեց հանդիպումը եւ շեշտեց, թէ Սէուտական Արաբիա կրնայ լաւապէս կատարել միջնորդի դերակատարութիւնը:
Յայտնենք, թէ Սէուտական Արաբիա մօտիկ կապեր ունի Լիբանանի խորհրդարանին մեծամասնութիւնը իր հակակշռին տակ պահող «Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի եւ վարչապետ Սինիորայի հետ:
Միւս կողմէ, Լիբանանի կառավարութիւնը Հինգշաբթի օր գումարեց նիստ մը, կառավարութեան յատկացուած ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին մէջ: Ժողովէն կը բացակայէին հրաժարեալ վեց նախարարները:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը վաւերացուց Լիբանանի օժանդակութիւն ապահովելու համար ծրագրուող «Փարիզ 3» խորհրդաժողովին յղուելիք տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրը, զոր քանի մը օր առաջ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ներկայացուցած էր լիբանանցիներուն:
Նշենք, որ ընդդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահ Էմիլ Լահուտ եւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի, կը մերժեն կառավարութեան նմանօրինակ նիստերը եւ զայն կը նկատեն լիբանանեան սահմանադրութեան խախտում՝ նկատի ունենալով, որ այս կառավարութիւնը ինքնին հակասահմանադրական է, իսկ անոր գործելակերպը՝ ապօրինի:
Սակայն, նիստին ընթացքին վարչապետ Սինիորա շեշտած է, որ իր նախագահած կառավարութիւնը օրինական է եւ սահմանադրական եւ կոչ ըրաւ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային՝ «Լիբանանի գերագոյն շահերը առաջնահերթութիւն նկատելու»: Ան միաժամանակ նախագահ Լահուտը կողմնակալութեամբ ամբաստանեց, կարգ մը շրջաբերականներ ստորագրելուն եւ ուրիշներ մերժելուն համար։
Նախագահական պալատը երեկոյեան պատասխանեց վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի ամբաստանութիւններուն՝ հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց հետեւեալը. «Նախագահ Լահուտ Նոյեմբեր 11էն սկսեալ Լիբանանի կառավարութեան առաքած բոլոր շրջաբերականները չէ վաւերացուցած, որովհետեւ այդ թուականէն սկսեալ կառավարութիւնը կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը եւ դարձած՝ հակասահմանադրական»։
«Փարիզ 3» խորհրդաժողովը հիւրընկալող Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք Ուրբաթ օր դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրը եւ աւելցուց, թէ Փարիզի խորհրդաժողովը առիթ մը պիտի ըլլայ տարբեր երկիրներու, որ Լիբանանի իրենց զօրակցութիւնը գործնականապէս արտայայտեն։
Նաեւ, Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, թէ յառաջիկայ շաբաթ Փարիզի խորհրդաժողովի նախապատրաստական հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ եւ կ’ակնկալուի, որ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս մասնակցի «Փարիզ 3» խորհրդաժողովին։
Վերջապէս, մինչ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի մօտալուտ վերադարձին մասին լուրերը կը տարաձայնուին, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի Ուրբաթ օր կառավարութեան համակիր ուժերը ամբաստանեց արաբական նախաձեռնութիւնները վիժեցնելու յանցանքով։