ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունիս 14ին արեւմտեան Պէյրութի Մանարա շրջանին մէջ գտնուող «Համմամ ասքարի»ի մօտ տեղի ունեցած ուժգին պայթումի մը հետեւանքով սպաննուեցան իշխող «Մուսթաքպալ» հոսանքէն երեսփոխան Ուալիտ Իտոն, անոր զաւակը, երկու թիկնապահներ, ինչպէս նաեւ վեց քաղաքայիններ: Արձանագրուեցան նաեւ քանի մը տասնեակ վիրաւորներ։
Նախնական տուեալներու համաձայն, Իտոյի ինքնաշարժին մօտ գտնուող ականուած ինքնաշարժի մը պայթած է:
Պայթումը Լիբանանի տարածքին վեցերորդն էր վերջին չորս շաբաթներուն ընթացքին: Նախորդ հինգ պայթումներուն ընթացքին սպաննուած էին երկու ուրիշներ:
Միւս կողմէ, հիւսիսային Լիբանանի Նահր էլ Պարէտ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ բախումները շարունակուեցան Չորեքշաբթի օր եւ «Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալները յարձակեցան գաղթակայանէն ներս հաստատուած լիբանանեան բանակի դիրքերուն վրայ, սպաննելով երկու զինուորներ:
Բախումները կեդրոնացած են յատկապէս հարաւային ճակատին վրայ, ուր լիբանանեան բանակը կ՚օգտագործէ իր ծանր հրետանին։